Մեր մասին
Եաեաս եւ տէտէս ինչպիսի՞ մանկութիւն մը ունեցան։ Նարօտենց սարքած տոլման Ռուտիյենց պատրաստածէն ինչո՞ւ տարբեր է։ Տոլման միսո՞վ կ՚ըլլայ թէ առանց միսի։ Տունին մէջ ո՞ր օրօրները կ՚երգեն։ Ամէնն ալ նո՞յն հայերէնը կը խօսին։ Ձեր բարբառին մէջ «տղայ» ինչպէ՞ս կ՚ըսեն։ Ձեր չէօրէքը աղի՞ կ՚ըլլայ թէ անուշ։ Մէջը ի՞նչ համեմ կը դնէք։
Տարբեր հայերէններ, տարբեր ճաշեր, տարբեր օրօրներ…
Տարիներ առաջ Անատոլուէն եւ Միջագետքէն գաղթած հայութիւնը ներկայիս իր աւանդութիւններն ու մշակոյթը ինչպէ՞ս կը պահէ։ Սկզբնական քայլ մը առինք մեր մտքերուն մէջ Արեւմտահայ մշակոյթի առընթեր այսպիսի բազմաթիւ հարցերով եւ լուծուեցանք աշխատելու մեր ծրագրին՝ «Բանաւոր»ին վրայ։
Կ՚ուզենք կարելի եղածին չափ անձերու հասնիլ ու այսպէսով պատրաստել Արեւմտահայ մշակոյթի ապրող արխիւ մը։ Մեր այս նպատակով այցելած իւրաքանչիւր տուն դարձաւ մեր հարազատը։ Մերթ շուարեցանք նմանութիւններուն, մերթ ալ տարբերութիւններուն վրայ։
Բախտաւոր ենք, որ այս ծրագիրին շնորհիւ աշխարհի ամէն կողմէն անձերու եւ անոնց պատմութիւններուն կը ծանօթանանք։ Ուրախ ենք, որ մեր ապրածը կրնանք բաժնել բոլորին հետ։
